2012-12-25 10:20:28

Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի
Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդ` Միքայէլ Եպս. Մուրատեանի Սուրբ Ծննդեան Պատգամը


«Իսկ Մարիամ այս ամէնը կը պահէր իր սրտին մէջ եւ կը խորհրդածէր անոնց վրայ»
(Ղուկ. 2, 19)

Գերյարգելի եւ Գերապատիւ Վարդապետներ,
Առաքինազարդ Քոյրեր,
Յոյժ սիրելի հաւատացեալներ,
Ս. Ծննդեան տօնը քրիստոնէական ամենահին տօներէն մին է որուն ընթացքին կը մասնակցինք ծիսական զանազան արարողութիւններու, եւ միաժամանակ առիթն է նաեւ կատարելու բոլորիս համար սովորութիւն դարձած աւանդական արարքներ՝ փոխադարձ մաղթանքներ, նուէրներ, ընտանեկան ճաշ-կերոյթներ, մսուր, կաղանդի ծառ, այցելութիւններ ծնողներուն եւ հարազատ-ներուն, ինչպէս նաեւ մասնակցութիւն եկեղեցական ծիսակատարութիւններուն...
Սակայն այս տարի, Ծննդեան տօներու ուրախալի մթնոլորտին շաղա-խուեցան թախծալի եւ սրտաճմլիկ դէպքեր: Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու բնակիչները ցնցուեցան Նիւթաուն քաղաք՝ Սանտի Հուք անուան մանկապարտէզի սպանդէն, ուր քսան անմեղ մանուկներ եւ վեց ուսուցիչներ թիրախ դարձան բիրտ ու քստմնելի մարդասպան ոճիրին: Միջին Արեւելքի մէջ՝ մանաւանդ Սուրիա, ուր մեր հարազատ հայորդիները արդէն երկու տարիէ ի վեր իրենց համաքա-ղաքացիներուն հետ համատեղ, կը տառապին եղբայրասպան եւ քաղաքացիական ահարկու պատերազմէն, որուն վախճանը եւ ծանր հետեւանքները տակաւին կը մնան անորոշ...
Որպէսզի այս եւ ասոնց նման աշխարհի մէջ տեղի ունեցած բազմաթիւ տխուր դէպքերուն դիմաց, կարենանք այս տարուան Ծննդեան տօները ապրիլ աւելի հոգեւոր, շահաւէտ եւ նպաստաւոր կերպով քան նախկինները, պէտք է որ աւելի ամուր ու խոր կերպով կառչինք մեր քրիստոնէական հաւատքին ու արժէքներուն: «Սեւեռենք մեր աչքերը մեր հաւատքի պետին վրայ՝ Յիսուսի, որ զայն կը տանի կատարելութեան» (Եբր. 12, 2), ընդունինք Քրիստոսը որպէս կեդրոն տիեզերքի եւ պատմութեան: Եւ որպէսզի ա՛յս տարուան Ս. Ծնոնդը իւրայատուկ դրոշմ մը ունենայ իւրաքանչիւրիս համար, ապրինք ու ըմբոշխնենք զայն իր քրիստոնէական ամբողջ տարողութեամբ, հետեւինք մեր Երկնաւոր Մօր՝ Սուրբ Կոյս Մարիամի հաւատքի տիպարին, որուն անսասանութեան ու մեծութեան մասին կը վկայէ Յովհաննէս Մկրտիչի մայրը՝ Եղիսաբէթ, երբ կ'ըսէ. «Երանի անոր որ հաւատաց թէ պիտի իրագործուին Տիրոջ կողմէ իրեն ըսուած խօսքերը» (Ղուկ. 1, 45):
Բենետիկդոս ԺԶ. Սրբազան Քահանայապետը Հաւատքի Տարուան առթիւ հրատարակած «Դուռն Հաւատոց» առաքելական նամակին մէջ, խօսելով Աս-տուածածնայ հաւատքին մասին կը գրէ հետեւեալը. «Հաւատքով Մարիամ ընդունեցաւ հրեշտակին խօսքերը եւ հաւատաց աւետիսին որ ինք Աստուծոյ Մայր պիտի ըլլար, անձնուէր հնազանդութեամբ… Նոյն հաւատքով ան հետեւեցաւ իր Որդւոյն քարոզութեան ընթացքին եւ մնաց իրեն հետ մինչեւ Գողգոթայի բար-ձունքը: Հաւատքով՝ Մարիամ ճաշակեց Յիսուսի յարութեան պտուղները եւ պահելով ամէն յիշատակ իր սրտին մէջ, փոխանցեց զանոնք Տասներկուքին, որոնք Վերնատան մէջ իրեն հետ հաւաքուած էին ընդունելու համար Սուրբ Հոգին: )Դուռն Հաւատոց, թիւ 13)
Սիրելիներս ի Քրիստոս, մաղթանքս է որ բոլորս միասին, որպէս անդամներ մէկ եկեղեցւոյ, դիմաւորենք ու ապրինք յառաջիկայ Սուրբ Ծննդեան տօնական օրերը ա՛յս Մարեմեան անսասան հաւատքով: Թող այս հրաշագործ Ծնունդը ըլլայ առիթ մը «պահելու Աստուածաշունչի խօսքերը մեր սրտերուն մէջ եւ խորհըր-դածելու անոնց վրայ», որպէսզի անոնցմով սնած ու զօրացած հաւատքով վերափոխենք մեր կեանքը եւ վերադառնանք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի որ աշխարհի միակ Փրկիչն է: Ինչպէս որ կը շեշտէ Սրբազան Քահանայապետը՝ ապրինք ամբողջական ու կատարեալ հաւատք մը ի Քրիստոս ու հռչակենք զայն խոր համոզումով: Արտայայտենք այս հաւատքը մասնակցելով ծիսական եւ եկեղեցական զանազան արարողութիւններուն եւ ի մասնաւորի՝ Պատարագի Սուրբ Զոհին Հաղորդութեան, որ «աղբիւրն ու գագաթնակէտն է քրիստոնէական կեանքին»: Մեզմէ իւրաքանչիւրը թող իրագործէ եւ վկայէ իր հաւատքը կեանքին մէջ, որպէսզի անոր գեղեցկութիւնն ալ արտացոլայ մեր առօրեային մէջ:
Հայցելով Մանուկ Յիսուսին օրհնութիւնը բոլորիդ վրայ, ի սրտէ կը մաղթեմ անսասան եւ հաստատուն հաւատքով ապրուած Սուրբ Ծնունդ եւ Նոր Տարի մը լի խաղաղութեամբ եւ երջանկութեամբ:
Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ
Ձեզի մեզի մեծ աւետիս


17 Դեկտեմբեր 2012

Միքայէլ Եպս. Մուրատեան
Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի
Հայ Կաթողիկէ Թեմին








All the contents on this site are copyrighted ©.